Visiting ” Logos”

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Այցելութիւն  Դէպի «Լոկոս» Նաւը
Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Պէյրութի նաւահանգիստը, ուր խարիսխ նետած էր «Լոկոս» գրադարան-նաւը։ Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ բարձրացան նաւ ու շրջեցան նաւուն մէջ, ուր առիթը ունեցան տեսնելու մեծ թիւով եւ այլազան լեզուներով գիրքեր։ Իրենց համար նորութիւն էր նաւու մէջ գրադարան տեսնել։ Անոնք թերթատեցին ու գնեցին բազմաթիւ գիրքեր եւ գոհ ու ուրախ վերադարձան դպրոց։


Categories: