Visinova

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    Կաղանդի Ձեռնարկներու  ծիրէն ներս՝ Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով, Քոլէճի Ա-Գ դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցան ներկայ գտնուելու ուքրանական մանկական Visinova Showին, որ տեղի ունեցաւ Միշէլ Մըր դաշտին մէջ։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող ձեռնարկին   ընթացքին, լարախաղացներ, աճպարարներ, հտպիտներ ու  պալերինաներ իրենց հետաքրքրական ու ճարպիկ շարժումներով խանդավառեցին մանուկները։


Categories: