Teachers/Students

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Կողովագնդակ
Ուսուցիչ/Աշակերտ

Վերամուտի առիթով՝ Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբերին բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտութեան եւ մարզիկ ուսուցիչներուն միջեւ։
Վերջին պահուն, աշակերտները՝ խանդավառ, հաւաքուած էին դաշտ։ Անոնք խաղացողներուն նման բաժնուած էին երկու խումբի.- մաս մը ուսուցիչները կը քաջալերէր, իսկ ուրիշներ՝ զօրավիգ կը կանգնէին իրենց դասընկերներուն։
Բաւական տաք  ու աշխոյժ խաղարկութենէ մը ետք, ուսուցիչները զիջեցան աշակերտներուն աւելի արհեստավարժ խաղարկութեան դիմաց։ Ու այսպէս, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով՝ աշակերտները մնացին դաշտին տիրապետողները…


Categories: