Student Council/Zark.Mertzoum

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Զարգացման Մրցում
Աշակերտական խորհուրդի վարչութիւնը զարգացման մրցում մը կազմակերպեց երկրկրդականի աշակերտական խմբակներուն՝ Ուրբաթ, 1 Ապրիլին։ Իրենց դասընկերներուն մօտ ընդհանուր գիտելիքներու պաշարը աւելցնելու ճիգով մը՝ վարչութեան անդամները օրական տեղեկութիւն մը կը ձգէին դասարաններուն գրատախտակներուն վրայ։
Յիշեալ օրը, դասարաններու աշակերտները բաժնուած էին խառն խումբերու։ Վարչութիւնը երկու պահուան ընթացքին ներկայացուց այլազան նիւթերու մասին քանի մը տասնեակ հարցումներ, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը հարցումներ գրատախտակներուն վրայ ներկայացուածներէն։
Խանդավառ մթնոլորտի մէ մէջ ընթացաւ աշխատանքը, յատկապէս նկատի առած, որ վարչութիւնը բաւական լուրջ ճիգ տարած էր արդիական լսոտեսողական միջոցներ օգտագործելով։
Մրցումի աւարտին յայտարարուեցաւ  յաղթական խմբակը, որ նուէրներ ստացաւ։


Categories: