Science Village

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Այցելութիւն Science Village
Գիտական փորձարկումներու եւ նորութիւններու աւելի մօտէն ծանօթանալու միտումով՝ Երեքշաբթի, 12 Ապրիլին, վարժարանի Զ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու Տպայէի մէջ գտնուող Science Village. Այցելութիւնը կը հովանաւորէր World Vision կազմակերպութիւնը։
Չորս պահ դաս ընելէ ետք, աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Science Village, ուր 20ական հոգինոց խմբակներու բաժնուեցան եւ մասնագէտներու առաջնորդութեամբ շրջեցան կեդրոնին այլազան բաժինները։ Աշակերտները առիթը ունեցան անձամբ փորձարկումներ կատարելու եւ գիտութեան դասագիրքերէն իրենց սորվածը գործնապէս կիրարկելու։
Երեք ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող այցելութիւնը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց աշակերտներուն մօտ։


Categories: