Recycling

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Կենսոլորտի Խմբակի Աշխատանք
    Վարժարանի երկրորդական բաժնի Կենսոլորտի խմբակի աշակերտները քանի մը ամիս է ի վեր ձեռնարկած էին plastic շիշերու հաւաքի մը դպրոցէն ներս։ Արդարեւ, անոնք տուփեր դրած էին դասարաններուն մէջ, որպէսզի աշակերտները իրենց կերպընկալէ շիշերը հոն զետեղեն։ Այդ շիշերը աւելի ուշ վերածուեցան Ամանորեան գեղեցիկ Տօնածառի մը, որ զարդարեց վարժարանը։
Կենսոլորտը պաշտպանելու առաջադրանքէն մղուած՝ կենսոլորտի խմբակը ծառին շիշերը հաւաքեց ու զանոնք տարաւ Spinneys հանրախանութը, ուր կայ վերամշակման (recycling) յատուկ մեքենայ մը։ Շիշերը յանձնուեցան մեքենային, որպէսզի վերամշակուին ու վերստին գործածելի դառնան։ Նետուած շիշերուն փոխարէն անոնց տրուեցան տասնեակ մը ջուրի մեծ շիշեր, որոնք  յանձնուեցան մանկամսուրին։


Categories: