Poghoki Havak

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Բողոքի Հաւաքի Մասնակցութիւն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէպ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան դէմ կազմակերպուած ժողովրդային բողոքի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մեր վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներն ու ուսուցիչները։
Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12։00ին դասապահերը առկախուեցան եւ աշակերտ ու ուսուցիչ հանրաշարժերով ուղղուեցան Պէյրութի  Նահատակաց հրապարակը, ուր ժամը 1։00ին սկսաւ ժողովրդային հաւաքը։
Ինչպէս բոլոր ներկաները Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտներն ալ անընդունելի նկատեցին Թուրքիոյ վարչապետին այցելութիւնը։


Categories: