Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը կը նշէ Լիբանանի Անկախութիւնը

Երկրորդական Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար: Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք. Ան զուգահեր […]

Լիբանանի Անկախութիւն

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար: Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք: Մարիա Գարասարգիսեան ասմունքեց […]

Տիկնանց Միութեան ճաշ

Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014ին, Տպպայէի Ալ Նախիլ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած Ճաշի հաւաքոյթը, նախագահութեամբ տիկին Համեստ Յակոբճեանի եւ ներկայութեամբ ծնողներու եւ բարեկամներու : Քոլէճի տնօրէնն ու տիկնանաց միութեան ատենապեդուհին փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը: Գեղարուեստական յայտագրին, իր մասնակցութիւնը բերաւ քոլէճի ծնողներէն՝ Տիկ. Սալբի Քէօշկէրեան քանոնի վրայ նուագով, իսկ քոլէճի Դ. դասարանի փոքրիկները՝ […]

Թարգմանչաց Տօն 2014-15

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2014-ին, Քոլէճի Նախակրթարանը պատշաճ կերպով նշեց Թարգմանչաց Տօնը: Արդարեւ, աշակերտները հանդէս եկան հայերէն լեզուի փառքը հիւսող ասմունքներով ու երգերով: Զ. դասարանը ներկայացուց թատրոն մը, որուն ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան Հայ Գիրերու Գիւտի զանազան հանգրուաններուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի կատարած անզուգական աշխատանքին: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քոլէճի հայերէն լեզուի համադրող՝ օրդ. Թալին Օրտողլեանը: […]

Վերամուտ 2014-2015

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը, վերամուտի առիթով անգամ մը եւս իր յարկին տակ ընդունեց իր մեծ ընտանիքի անդամները, որոնք կարօտով ու վերանորոգ եռանդով դիմաւորեցին զիրար:

Դէպի Յաւերժական Մայրիները

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաճելի, հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ օր մը անցուցին Ուրբաթ, 6 Յունինսին այցելելով հիւսիսի Պշարրէ, Արզ եւ Քատիշա գեղատեսիլ շրջանները։

Դրօշակի Արարողութիւն

Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած  դրօշակի արարողութիւնը  այս տարի մեր   վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ 27 Մայիսին: Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս մասնաճիւղէն խմբապետներ ներկայացան վարժարան, ուր պատրաստ կը սպասէին սկաուտ-աշակերտները՝ իրենց սկաուտական տարազներով: Դրօշակի արարողութեան ընկերակցեցաւ մասնաճիւղին փոքրիկ շեփորախումբը: Ապա՝ խմբապետուհի մը կարդաց օրուան պատգամը, որմէ ետք խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, […]

Նախակրթարանի հանդէս

Հայկական աւանդական ու արդի պարեր, հայերէն երգեր ու չափական նուագ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Սրբազան Հայրերու, Ուսումնական Խորհուրդի, Խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն: Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն, նախակրթարանի ուսուցիչներուն և պատասխանատու տիկ. Լենա Ճինպաշեանին, արուեստի ուսուցիչներ` Տիկ. Անի Կոստանեանին, Տիկ. Գայեանէ Մարկոսեանին և տիկ. Ռուբինա Դերձակեանին:

Մայիս 28ի Երգահանդէս

Հայաստանի Անկախութեան տօնին առիթով Վարժարանի աշակերտները հիւրընկալեցին յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեանը, որ աւելի քան մէկ ժամ խանդավառեց աշակերտները: