Մանկապարտէզի Վերամուտ (2016-17)

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզը իր փոքրիկ աշակերտներուն առջեւ իր դռները լայն բացաւ Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբերին: Փոքրիկները վերամուտի իրենց առաջին օրը անցուցին իրենց ծնողներուն հետ, վայելելով «Փոքրերու Աշխարհ« խումբին ելոյթը: Յաջորդ օրը, անոնք նախ Ս. Հաղորդութիւն ստացան քոլէճի սրահին մէջ, ապա իրենց ծնողները հիւրընկալեցին իրենց դասարաններէն ներս ու միասնաբար խաղացին դպրոցի խաղավայրին մէջ: Երրորդ օրը փոքրիկները […]

2016- 2017 Տարեշրջանի Վերամուտ

Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր, 2016–ին, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը, 32-րդ վերամուտի սեմին, գրկաբաց ընդունեց իր մեծ ընտանիքը: Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին զանգին, աշակերտները սրահին մէջ հաւաքուեցան, ու սրահը լեցուցած իրենց դասընկերներուն հրամցուցին վերամուտի առիթով պատրաստուած կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը: Թ. դասարանէն Կալի Աւագեան ընթերցեց բացման խօսքը, բարի վերամուտ մաղթելով բոլորին, ապա, քոլէճի նախակրթարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ […]

Վերամուտի Ընդհանուր Ժողով

Ազգային Եղիշէ մանուկեան քոլէՃի վերամուտի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան հանդիսասրահին մէջ: Միասնաբար ճաշելէ ետք, խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ բարի վերամուտ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ ներկայացուց անձնակազմին միացած նոր անդամները եւ ապա յառաջիկայ տարուան ժամանակացոյցը: Տնօրէնը իր ուրախութիւնը յայտնեց քոլէճի ուսուցչական կազմին արձանագրած անհատական յաջողութիւններուն համար, […]

Աւարտական Դասարանի Հանդէս

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Շրջանաւարտներու 29-րդ Հունձքը Կիրակի, 4 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան հանդիսասրահին մէջ կայացաւ  Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ   Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի  ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու:                Հանդէսի բացումը […]

30 Ամեակի կալա Ընթրիք

Ազգ.  Եղիշէ  Մանուկեան  Քոլէճի  30 ամեակի Կալա  Ընթրիքը Ուրբաթ,  26  Յունիս  2015-ի  երեկոյեան, «Four Seasօns»  պանդոկի «Grand Ballroom» սրահին   մէջ     կայացաւ  Ազգ.   Եղիշէ     Մանուկեան     Քոլէճի   Կալա   Ընթրիքը,  հովանաւորութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի,  եւ ներկայութեամբ Լիբանանի   Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ  Տէր   Շահէ Փանոսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրլեանի,Ազգային իշխանութեանց  մարմիններու   ներկայացուցիչներու , քոլէճի խնամակալութեան, տիկնանց  յանձնախումբի, ուսուցչական կազմի ու պաշտօնէութեան  անդամներու,  շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ  բարեկամներու: Վեհափառ հօր  սեղանօրհնէքէն  ետք, քոլէճի Հայերէն Լեզուի  համադրող եւ միջնակարգի պատասխանատու՝  օրդ.  Թալին  Օրտողլեան ողջունելէ […]

Քոլէճիս 30Ամեակը Երգով ու Պարով

11 Յունիս 2015-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին իւրայատուկ խանդավառութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները տօնեցին իրենց վարժարանին 30-ամեակը: Բեմը հայկական արուեստի գործերով ու երաժշտական գործիքներով զարդարուած էր, իսկ սրահը լեցուն էր ծնողներով, հիւրերով ու աշակերտներով: Փոքրիկներուն ոգեւորուածութիւնը կարելի էր նկատել իրենց կատարումներուն եւ կայծկլտացող աչքերուն մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլէճի քայլերգներով: Բացման խօսքը […]

Մանկապարտէզի հանդէս

Կիրակի,  7  Յունիս 2015,  երեկոյեան   ժամը  7:00-ին,  «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահը կը յորդէր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք  եկած էին իրենց սրտահատորներուն բեմական առաջին քայլերուն հանդիսատէսը ըլլալու եւ կամ իրենց մանուկներուն առաջին վկայականը շնորհաւորելու: Գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը արդէն իսկ կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Տէրն ու Ծառան» հեքիաթն էր: Կոկոն դասարանի […]

Մայրերու Օր

Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպպած Մայրերու Օրուան Ճաշին առիթով քոլէճի ծնողները համախմբուեցան ճաշի սեղաններուն շուրջ եւ միասնաբար ճաշեցին, միաժամանակ ըմբոշխնելով իրենց զաւակներուն կողմէ մատուցուող երգերը, արտասանութիւններն ու պարերը:

Կը Յիշենք ու կը Պահանջենք

Քոլէճի աշակերտութիւնը Ապրիլ ամսուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս յաջորդաբար ունենալէ ետք աշակերտական ձեռնարկներ, պատի թերթերու պատրաստութիւն, գծագրական մրցանք, քայլարշաւ դէպի մայրավանք,այցելութիւն Պիքֆայյայի Նահատակաց յուշարձան, ինչպէս նաեւ այս առիթովպատրաստելէ ետք որմազդներ ու «Չե՛նք նահանջեր, կը նուաճե՛նք» գրութեամբ ապարանջան մը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին նուիրուած աշխատանքներու եզրափակումը կատարեց ժողովրդային ձեռնարկով եւ յուշակոթողի բացումով: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, […]

Ուսուցչաց Տօն

Այս տարի եւս, քոլէճի աւարտական կարգի աշակերտները ստանձնած էին Ուսուցչաց տօնի ձեռնարկի պատրաստութիւնը: Աշակերտները՝ երգով, նուագով, ասմունքով ու տեսերիզով, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն: