Ուսուցչաց Տօն

Աւարտական դասարանի կողմէ պատրաստուած Ուսուցչաց Տօնի նշումը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ունենալով ունեցաւ գեղարուեստական բաժին եւ հիւրասիրութիւն:

Մանկապարտէզի բարեկենդան

Քոլէճի մանկապարտէզի աշակերտութիւնը դիմակներով, խաղերով ու հատիկի հիւրասիրութեամբ նշեց Բարեկենդանի տօնը:

Միջնակարգի բարեկենդան

Միջնակարգի աշակերտները, իրենց դաստիարակներով, Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարի երեկոյեան, նշեցին Բարեկենդանի տօնը: Աշակերտները ծպտուած ներկայացան ձեռնարկին, տօնը ներկայացնող բացման խօսքէն ետք դիտեցին իրենց դասընկերներուն կողմէ ներկայացուած թատրոնը եւ Վարդանանցի խորհուրդը փոխանցող power point մը, ապա միասնաբար խաղացին, համեղ ուտելիքներ ճաշակեցին եւ ակլատիզ պատրաստեցին: Լաւագոյն ծպտուողները ստացան նուէրներ:

Բուն բարեկենդանի պարահանդէս

Շաբաթ, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Բուն Բարեկենդան»ի ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Ծովիկ Գէորգեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, որոնք մեծ սիրով պատրաստած էին պարահանդէսի ճաշերը: Ապա, քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան […]

Աւանդական Տօնավաճառ

Երեքշաբթի, 6  Դեկտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  10:30-ին,  Սիրան  Մանուկեան  սրահին  մէջ  տեղի ունեցաւ  Ազգ.  Ե.  Մանուկեան  Քոլէճի Տիկնանց  Յանձնախումբի  կազմակերպած «Աւանդական  Տօնավաճառ»-ի  բացման  պաշտօնական  հանդիսութիւնը,  նախագահութեամբ՝  Տիկ.  Ալվարդ  Գալօղլեանի: Տօնավաճառի  բացման  ժապաւէնը  կտրուելէ  ետք,  խօսք  առաւ  Քոլէճի  Տիկնանց  Միութեան  ատենապետուհի՝  Տիկ.  Ծովիկ Գէորգեանը:  Ան    բարի  գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն եւ   հաստատեց,  թէ Տիկնանց  միութիւնը այս տարի եւս,   […]

Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2016-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական բոլոր օղակները, իւրաքանչիւրը իր ոճով, նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը: Առաւօտուն քոլէճի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ դրօշակի կայմին շուրջ եւ Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը: Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներու ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Կալի Աւագեան, որ շեշտը դրաւ ազգերու անկախ ապրելու իրաւունքին վրայ: Ապա, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց […]

Տիկնանց Յանձնախումբի Ճաշի Հաւաքոյթ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ին, Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբի՝ վերամուտի առիթով կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նահր Էլ Քէլպի «Նահր Էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ Տիկին Ոսկի Կէրէքմէզեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն […]

Թարգմանչաց տօն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին: Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները թատրոնով, երգերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մեր թարգմանիչներուն: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Զ. դասարանէն Ալին Այանեան կատարեց բացման խօսքը, վեր առնելով Թարգմանիչներու կատարած երախտաշատ գործի արժէքը սերունդներու հայապահպանման ի խնդիր: Ապա, Դ. եւ Ե. […]

Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը՝ Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Քոլէճ

2016-ի Ապրիլին, Մարտակերտի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին իր ընկերներուն հետ հերոսաբար կռուած , թշնամիի երեք յարձակում ետ մղած ու ապա առա՛նց նահանջելու  հերոսի մահով նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը՝ Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Քոլէճ: Sնօրէնութեան հետ շրջելէ ետք   քոլէճի զանազան բաժանմունքները, Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները հանդիպում ունեցան քոլէճի սրահին մէջ հաւաքուած ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն  հետ: Տնօրէն […]

BANANEY’S-ի վաճառք

Երեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի զբօսանքներուն, քոլէճի 12-րդ դասարանը կազմակերպեց BANANEY’S-ի  վաճառք մը եւ անոր հասոյթը նուիրեց քոլէճի Սաներու Ֆոնտին: