Orientation/BRIGHT

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արեւելումի Հաւաք
Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերին, վարժարանիս Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ներկայ եղան հայ կաթողիկէ ուսանողական միութեան կազմակերպած արեւելումի տարեկան հանդիպումին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Հոն ներկայ էին տարբեր համալսարաններու ներկայացուցիչներ, որոնք աշակերտներուն փոխանցեցին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ պատասխանեցին անոնց լուսաբանական հարցումներուն։


Categories: