orientation

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արեւելումի  Հանդիպումներ

    Երկուշաբթի, 25 եւ Երեքշաբթի 26 Հոկտեմբերին, վարժարան այցելեցին Կոկիկեան Ֆոնտէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի AUB Nursing schoolէն ներկայացուցիչներ՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար երկրորդականի աշակերտներուն համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելումի մասին։
Կոկիկեան Ֆոնտի ներկայացուցիչները Ժ. ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն ծանօթացուցին Ֆոնտը եւ անոր հիմնական նպատակը՝ պատրաստել պետական մարզի մէջ գործող լիբանանահայեր։  Անոնք շեշտը դրին յատուկ մասնագիտութիւններու վրայ, որոնց հետեւողները եթէ օգտուին Կոկիկեան Ֆոնտի ամբողջական կրթանպաստէն՝ աւարտելէ ետք պիտի ուղղուին պետական մարզ եւ դառնան պետական պաշտօնեայ։

AUBի Nursing Schoolի պատասխանատուներ իրենց կարգին, Երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցան ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգերու աշակերտներուն հետ, որոնց բացատրեցին հիւանդապահութեան մասնագիտութեան եւ անոր ներկայացուցած կարեւորութեան մասին։ Անոնք շեշտեցին, որ ներկայիս մեծ պահանջ կայ հիւանդապահներու։ Աշակերտներուն փոխանցուեցան նաեւ մանրամասնութիւններ կրթանպաստի մասին։


Categories: