Nakhajash

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Տիկնանց Յանձնախումբի
Առաջին Ձեռնարկը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբը սկսած էիր աշխատանքներուն, որոնցմէ առաջինը կայացաւ Ուրբաթ, 19 նոյեմբերին, Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ։
Ձեռնարկը ունէր նախաճաշի բնոյթ եւ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամները ներկաներուն պատրաստած էին համեղ Մամունիէ։ Անոնք մեծ ճիգ տարած էին զարդարելու սրահն ու սեղանները։
Տիկնանց յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տիկին Ազնիւ Նաճարեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջած էին հրաւէրին։
Համեղ ուտեստեղէնին կողքին, ներկաները ճաշակեցին նաեւ իրենց զաւակներուն ձիրքերը։ Արդարեւ, վարժարանի աշակերտները մթնոլորտը ճոխացուցին իրենց երգերով եւ պարերով։


Categories: