MUN/Global Classrooms

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

   MUN/ Global Classrooms
   Շաբաթ, 31 Մարտ եւ Կիրակի 1 Ապրիլին տեղի ունեցան LAU համալսարանին «GC LAU MUN»ի  եզրափակիչ խորհրդաժողովը, որւն մասնակցեցան Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներէն ներկայացուցիչներ։
Հինգ ամիսներու վրայ երկարող այս ծրագիրին ընդմէջէն  աշակերտները հետեւեցան նախապատրաստական հանգրուանի դասախօսութիւններուն եւ աշխատանքային հանդիպումներուն։ Անոնք ծանօթացան ՈԱԿի եւ անոր զանազան յանձնախումբերուն գործունէութեան եւ աշխատելաձեւին՝ ապրելով շահեկան փորձառութիւն մը։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Գանթարճեան Լոռի, Էօրտէքեան Մարիլին, Սասունեան Նայիրի, Սարեան Սիրուն, Պալապանեան Բալիկ, Ադամեան Յովիկ, Պարտագճեան Կարօ, Ասատուրեան Գէորգ, Փանոսեան Պալիկ, Ռուսիալեան Մանուկ, Գումաշեան Անտրէ, Կոստանեան Վանանդ։


Categories: