Mayis 6

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Քոլէճի Աշակերտութիւնը Կը նշէ
Լիբանանի Նահատակաց Տօնը
Ամէն տարի, Մայիս 6ին, հայկական վարժարաններու աշակերտները
կ՛այցելեն Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, ուր իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն թուրք եաթաղանին զոհը եղած արաբ մտաւորականներուն։
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները երէկ շարունակեցին աւանդութիւնը եւ ներկայ եղան հրապարակին վրայ տեղի ունեցող հաւաքին, որուն կը նախագահէր Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ իր պատգամը փոխանցեց հաւաքուած հարիւրաւոր աշակերտներուն։
Վարժարանի աշակերտուհիներէն Մարիա Ադամեան կարդաց արաբերէնով խօսք մը։ Քոլէճին անունով նաեւ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Նահատակաց Յուշարձանին ներքեւ։


Categories: