Manougnerou Paregentan

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանուկներու Բարեկենդան
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկներու ծրագրին մէջ միշտ ալ յատուկ տեղ կը վերապահէ վարժարանի եւ անոր բարեկամ մանուկներուն, որոնց համար կը կազմակերպէ Բարեկենդանի տօնախմբութիւն։
Այս տարի նոյնպէս յանձնախումբի տիկինները ժրաջան մեղուներու նման պատրասուեցան Շաբաթ, 5 Մարտի ձեռնարկին։ «Սիրան Մանուկեան» սրահը զարդարուած էր փուչիկներով, երփներանգ գոյներով եւ համեղ ուտեստեղէնի ճոխ սեղաններով։ Մթնոլորտը տօնական էր։
Մանուկները՝ այլազան տարազներով ծպտուած եւ անճանաչելի դարձած, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ճշդուած ժամուն հասան սրահ. ու քիչ ետք արդէն սկսաւ տօնախմբութիւնը.- երգ, պար եւ այլազան խաղեր, որոնց կազմակերպումին Տիկնանց Յանձնախումբին օժանդակեցին նաեւ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցչուհիները։
Տօնախմբութեան աւարտին, նուէրներ ստացան լաւագոյն կերպով ծպտուած փոքրիկները։
Վարձքը կատա՛ր Տիկնանց Յանձնախումբին եւ անոնց օժանդակող ուսուցչուհիներուն
։


Categories: