LAU/MUN

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

LAU/MUN
   
Վեցերորդ տարին ըլլալով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի երկրորդական բաժնի աշակերտներ կը մասնակցին LAU համալսարանի կողմէ կազմակերպուած MUN ծրագիրին, որուն նպատակն է պատանիներուն ծանօթացնել ՄԱԿը, անոր գործունէութեան մարզերն ու աշխատելակերպը։
Աշակերտները կը բաժնուին յանձնախումբերու եւ դասընթացքի մը միջոցով կը սորվին, թէ ՄԱԿի մէջ երկիրներու պատուիրակներ ինչպէս կը գործեն, բանակցութիւններ կը կատարեն եւ ամբողջ աշխարհը յուզող հարցերը կը փորձեն լուծել։
Դասընթացքը, որ սկսած էր Նոյեմբերին, կÿերկարի մինչեւ Մարտի վերջաւորութիւն։ Դասընթացքը կÿաւարտի Ապրիլին՝ ընդհանուր խորհրդաժողովով մը։
Այս տարուան աշխատանքին կը մասնակցին Ադամեան Յովիկ, Էօրտէքեան Մարիլին, Գանթարճեան Լոռի, Ռուսիալեան Մանուկ, Սարեան Սիրուն, Փանոսեան Պալիկ, Կոստանեան Վանանդ, Սասունեան Նայիրի, Գումաշեան Սէրոյժ, Պալապանեան Բալիկ։


Categories: