Khorovadzi Yerego

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Խորովածի Երեկոյ
Քանի մը տարիէ ի վեր սովորութիւն դարձած է ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն՝ խորովածի երեկոյի մը հրաւիրել ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը՝ շնորհակալութիոն յայտնելու համար անոնց տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ իրենց վերջին հրաժեշտը տալու վարժարանին։
Ուրբաթ, 6 Մայիսի երեկոյեան, Քոլէճին բակը պատրաստ էր ընդունելու ուսուցիչները. սեղաններ  եւ աթոռներ շարուած-յարդարուած, կրակարանը պատրաստ եւ խանդավառ մթնոլորտ։
Քանի մը ժամուան ընթացքին աշակերտ եւ ուսուցիչ հաճելի պահեր անցուցին. միասնաբար երգեցին ու պարեցին։ Աշակերտները ցուցադրեցին իրենց դպրոցական վերջին օրուան ուրախ եւ միեւնոյն ատեն յուզիչ պահերու նկարները։
Երեկոյի աւարտին, ներկաները միասնաբար ճաշակեցին համեղ կարկանդակ մը։


Categories: