Khiara/festival

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Քոլէճի Պարախումբերը
Խիարայի Փառատօնին
   Շաբաթ, 14 Մայիսին, վարժարանին պարախումբերը ուղղուեցան Պեքաայի Խիարա շրջանը՝ մասնակցելու համար LIU համալսարանին կազմակերպած երկշաբաթեայ մշակութային փառատօնին։ Համալսարանը մշակոյթի նախարարութեան ճամբով հրաւէր ուղղած էր Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի պարախումբերուն, որոնց գեղեցիկ ելոյթը գնահատանքի արժանացած էր միջ դպրոցական ախոյեանութեան։ Տեղին է յիշել, որ յիշեալ մրցաշարքին վարժարանին զոյգ պարախումբերը հանդիսացած էին ախոյեաններ իրենց դասակարգին մէջ։
Խիարա ժամանած աշակերտներուն կÿընկերանային ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծնողներ, որոնք փափաքած էին ներկայ ըլլալ ելոյթին։
Վարժարանի պարախումբերը հանդիսատեսներուն ներկայացուցին հինգ պարեր, որոնց կարգին էին երկու տապքէ եւ երեք հայկական պարեր։ Հանդիսատեսները մեծ հիացումով հետեւեցան մեր աշակերտներուն համաչափ ու կշռութաւոր քայլերուն, ներդաշնակ պարադրումին… Ներկաները բուռն ու խանդավառ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գնահատանքը։

 


Categories: