Kg/ Student visitors

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Օտար Աշակերտներ Մեր Մօտ
   Լիբանանեան օտար վարժարանի մը Բողբոջ դասարանի  աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիին օգնութեամբ, պարտականութիւն ստանձնած էր Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին մասին տեղեկութիւն փոխանցել իրենց երէց ընկերներուն։ Աշխատանքը հարստացնելու եւ կենսալից դարձնելու նպատակով, անոնք այցելեցին մեր դպրոցը եւ մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ ներկայ գտնուեցան առտուան հաւաքական աղօթքին եւ երգին։ Ապա անցնելով Բողբոջ դասարան, դիտեցին լեզուի եւ խօսակցութեան պահը, եւ տեսան, որ հայերը ունին իրենց յատուկ լեզուն եւ գիրը։ Իրենց կողմէ եղած հիւրասիրութենէ ետք, անոնք վերադարձան իրենց վարժարանը։
Քաջալերական է, որ արաբ աշակերտներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն հայերու եւ Հայ մշակոյթին նկատմամբ։ 

 


Categories: