Kg Bdouyd

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Տարեկան Պտոյտ
    Մենք Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները մեր տարեկան պտոյտը ունեցանք, Երեքշաբթի, 31 Մայիսին, դէպի Զուք Մքայէլի հանրային պարտէզը, ուր շատ ուրախ օր մը անցուցինք։
Երբ հասանք, առաջին հերթին հաւաքական նախաճաշ մը ըրինք մեր ուսուցչուհիներուն հետ ու ապա՝ դասարան առ դասարան խաղալու գացինք։ Սահնակէն սահեցանք, օրօրօցով օրօրուեցանք, Սի-Սօ նստանք… Յետոյ համեղ տուրմ կերանք եւ օշարակ խմեցինք։ Քիչ մը հանգստանալէ ետք, վերադարձանք խաղերուն եւ խաղալիքներուն։ Ուսուցչուհիներն ալ մեզի չափ խանդավառ էին ու մեր հետ կը խաղային։ Խաղալէն ետք անշուշտ անօթեցանք եւ հացիկներ կերանք։ Հացիկէն կշտացանք, բայց խաղէն՝ երբեք… ու վերստին վազվզեցինք ու խաղացինք, երգեցինք, նկարուեցանք եւ վերջապէս պատրաստուեցանք դպրոց վերադառնալու։
Իսկապէս հաճելի եւ ուրախ օր մը անցուցինք…


Categories: