Human Rights

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email


Մարդկային Իրաւանց Խմբակի
Օրինակելի  Ձեռնարկ
    Աշակերտական Խորհուրդի  Մարդկային  Իրաւոնքներու խմբակի աշակերտները՝  իրենց  տարեկան  ծրագրին  մէջ  նկատի    ունեցած  էին  այցելութիւն   ՔԱՀԼի  Ծերեաոց եւ մանուկներու քաղցկեղի St. Jude  կեդրոնը։

   Իրականացնելու համար իրենց ծրագիրը՝ տարուան ընթացքին աշակերտները կատարեցին հատիկի, աղցանի, օշարակի եւ pop cornի վաճառք։  Անոնք այս ձեւով ապահովեցին կոկիկ գումար մը, զոր յատկացուցին վերոիշեալ երկու կեդրոններուն։

   Երեքշաբթի, 10 Ապրիլին, թէեւ աշակերտները արձակուրդի մէջ էին, անոնք հակաքուեցան եւ պատասխանատու ուսուցչուհիին՝ Օրդ. Մէյրի Չոլոյեանին եւ ընկերային ծառայող տիկին Ալին Թաշճեանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան ՔԱՀԼ, ուր մօտէն ծանօթացան հոն ապաստան գտած ծերերուն եւ շնորհաւորեցին անոնց Ս. Զատիկը։ Այս առիթով՝ անոնք ծերերուն բաժնեցին տուրմէ հաւկիթներ։
    Ապա,    աշակերտները    ուղղուեցան    ST.  Jude,    ուր տեսնուեցան կեդրոնի    ընկերային    ծառայողին    հետ,    որ  հակիրճ    բացատրութիւններ   տուաւ    կեդրոնին    եւ    անոր    աշխատանքին    մասին։
Աշխատանքի    աւարտին,    աշակերտները     դպրոցին    անունով համեստ    գումարի   մը   նուիրատուութիւնը    կատարեցին  կեդրոնին։

 


Categories: