Grade 9:Charity Activity

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Այցելութիւն ՔԱՀԼի Աշակերտներուն
Քոլէճի Թ. դասարանի աշակերտները յղացան այն գեղեցիկ գաղափարը, թէ տօնական օրերու ուրախութիւնը պէտք է կիսել ՔԱՀԼի մասնաւոր դասարաններու աշակերտներուն  հետ։   

     Այս նպատակին իրագործման համար՝ անոնք դպրոցէն ներս կազմակերպեցին «Կարկանդակի Վաճառք» մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ այս ծրագիրին։
Աշակերտները պատրաստեցին Կաղանդի յատուկ նուէրներ, տուրմ, շաքար եւ այլ հիւրասիրութիւն։
Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, անոնք իրենց դաստիարակ ուսուցչուհիին հետ ուղղուեցան ՔԱՀԼ։ Հոն աշակերտները մեծ հետաքրքրութիւն  ցուցաբերեցին դասարաններու աշխատանքի ձեւին, աշակերտներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին։ Մասնաւոր դասարաններու աշակերտները մեր աշակերտներուն ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հիւրերուն կողմէ։ Ապա, երկու վարժարաններու աշակերտները կողովագնդակ խաղաղացին, երգեցին ու պարեցին։


Categories: