Cheese & Wine/Alumni

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Շրջանաւարտից՝
Cheese & Wine-ի Երեկոյ

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Շրջանաւարտից Միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ ի մի խմբելու տարիներու շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր՝ Cheese & Wine-ի մտերմիկ սեղանի մը շուրջ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Մայսին վարժարանիս Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ։
Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ յառաջացուած  յատուկ յանձնախումբը շաբաթներ առաջ սկսած էր ծրագրելու երեկոն, որ առիթ պիտի ընծայէր տարիներէ ի վեր դպրոցի յարկէն հեռացած շրջանաւարտներուն վերադառնալու եւ տեսնելու իրենց դասընկերները։
Երեկոն ընթացաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Երեկոն աւելի խանդավառ դարձաւ, երբ սկսաւ Karaoke-ի բաժինը. շատեր մասնակցեցան եւ իրենց երգերով աւելի ջերմ դարձուցիին մթնոլորտը։
Ներկաները գոհ եւ ուրախ հեռացան սրահէն՝ վարչութեան ուսերուն  պարտք դնելով, որ յաճախակի դարձնէ նման առիթները։

 

 


Categories: