Basket Ball

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Պասքէթի «Բարեկամական» Մրցում
Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբերին, 8րդ պահը սովորական դասի պահ չեղաւ վարժարանէն ներս։
Արդարեւ, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն փափաքով պասքէթպոլի բարեկամական մրցում մը տեղի ունեցաւ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն միջեւ։
Ուսուցիչներուն խումբին մաս կը կազմէին Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, Պրն. Յակոբ Կիւլիւմեան, Պրն. Րաֆֆի Թաշճեան, Պրն. Ժագ Քէօշէեան եւ Տիկին Անի Կոստանեան։ Իսկ երկրորդականի աշակերտները կը ներկայացնէին Քրիստ Տարագճեան, Նժդեհ Քէթէնճեան, Վանանդ Կոստանեան, Սագօ Տէր Վարդանեան եւ Հրակ Պետրոսեան։
Դաշտին չորս կողմը հաւաքուած էին Քոլէճի բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը քաջալերէր իր սիրած կազմը։
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ եւ սուր պայքարէ մը ետք՝ աշակերտներու խումբը մետասաներորդ պահուն՝ հաւասարութիւնը ջախջախեց յաղթական կողովով մը։ Այսպիսով մրցումը կ’աւարտէր ի նպաստ աշակերտներուն։


Categories: