Alvertzian/Kaprielian

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ալվրցեանի Եւ Գաբրիէլեանի Հանդիպումը
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտներուն Հետ

Ուրբաթ, 21 Յունուարին, Ջաւախքի Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի անդամ Արտակ Գաբրիէլեան եւ Հայաստանի Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան այցելեցին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ, ուր հանդիպում ունեցան Թ.էն ԺԲ. դասարաններու աշակերտութեան հետ։
Առաջին հերթին հիւրերը կարճ հանդիպում մը ունեցան Քոլէճի տնօրէն Օրդ. Սեդա Պոյաճեանի հետ եւ շրջեցան վարժարանին տարբեր բաժինները։ Ապա՝ անոնք անցան սրահ, ուր արդէն հաւաքուած էին աշակերտներն ու անոնց ուսուցիչները։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, աշակերտներուն խօսեցաւ Ա. Գաբրիէլեան,որ անդրադարձաւ Ջաւախքի հայերուն ներկայ իրավիճակին, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին։ Գաբրիէլեան ըսաւ, որ ներկայիս Ջաւախք կÿապրի հայաթափման քաղաքականութիւն մը, որ ի գործ դրուած է Վրաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ան աւելցուց, որ Վրաստանի մէջ ներկայիս կÿապրին 87 փոքրամասնութիւններ, որոնք ինքնավարութեան պահանջք ունին պետութենէն։
Գաբրիէլեան անդրադարձաւ Ջաւախքի հայերուն հիմնահարցերուն։ Ան դիտել տուաւ, որ հայերէնի խնդիրը հիմնական հարց է, նկատի ունենալով, որ Ջաւախքի հայերուն մեծամասնութիւնը վրացերէնին չի տիրապետեր, իսկ պետութիւնը չÿարտօներ հայերէնի գործածութիւնը, իբրեւ տարածքաշրջանի պաշտօնական լեզուն։ Այլ հարց է արտագաղթը։ Անգործութեան, տնտեսական նեղ պայմաններու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ճնշումներու հետեւանքը կ’ըլլայ մեծ թիւով արտագաղթը։ Գաբրիէլեան շեշտեց, որ նոյնիսկ ուսանելու համար արտագաղթողներուն աւելի քան 95% չի վերադառնար Ջաւախք։ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ նաեւ առողջապահական մարզը, ուր կը պակսին մասնագէտները։ Գաբրիէլեան Ջաւախքը որակեց «Ծերացող Տարածքաշրջան»։
Գաբրիէլեան ապա առիթը տուաւ աշակերտներուն հարցումներ հարցնելու։ Եղան հարցումներ Ջաւախքը Արցախի նման զինեալ պայքարով վերադարձնելու կարելիութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ հոն հաստատուող քիւրտ եւ թուրք ցեղախումբերու մասին, որոնք կրնան խախտել շրջանին մէջ հայերու մեծամասնութիւն ըլլալու իրողութիւնը։ Գաբրիէլեան պատասխանելով լուսաբանեց աշակերտները, աւելցնելով, որ սփիւռքէն կը պահանջուի յաւելեալ շփում ունենալ Ջաւախքի հետ, որպէսզի անոր ժողովուրդը «անտէր զանգուած»չմնայ։
Ապա՝ խօսք առաւ Հ. Ալվրցեան, որ բացատրեց, թէ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կողմէ կատարուած հետազօտութիւնները օրական նորութիւններ կը փոխանցեն Արեմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ նոյնիքն թրքական քաղաքներու մէջ ապրող հայերու իրավիճակին մասին։
Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն ետք կը կարծուէր, թէ ամբողջ հայութիւնը տեղահանուած է Պատմական հայաստանէն, սակայն փաստօրէն ի յայտ կու գայ, որ մեծ թիւով հայեր մնացած են եւ թրքացած կամ քրտացած՝ բռնի ուժով։ Հետագային անոնց մեծ մասը ձուլուած է եւ ատենուան մը համար չէ ուզած յիշել իր անցեալն ու  հայութիւնը՝ թուրքերէն եւ քիւրտերէն վախի ազդեցութեան տակ։ Իսկ անոնց մէկ այլ մասը օտարին աչքին ձեւացուցած է, որ թուրք  եւ քիւրտ է, սակայն ներքնապէս պահած է իր հայութիւնը՝ դառնալով «Ծպտեալ Հայեր»։
Ալվրցեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ ճնշուած ազգւոթիւններուն ու փոքրամասնութիւններուն ձայներն ու աղաղակները սկսած են բարձրանալ։ Անոնց գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է Հրանդ Տինքը, որ կը պահանջէր հայը իբրեւ հայ ապրի Թուրքիոյ մէջ, ո՛չ իբր թուրք։
Ան ըսաւ նաեւ, որ ներկայիս Արեմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ կÿապրին մօտաւորապէս 4.5 միլիոն իսլամացած հայեր, որոնցմէ շատեր ծպտեալ հայեր են եւ կÿուզեն վերադառնալ իրենց արմատներուն։ Այս ուղղութեամբ սկսած են կազմուիլ միութիւններ, որոնց անդամները կը վերանորոգեն հայկական եկեղեցիներ, ուր մկրտութիւններ եւ այլ արարողութիւններ կը կատարեն։ Ալվրցեան շեշտեց, որ անշուշտ Թուրքիա անհանգիստ կը զգայ, երբ իրենց ազգային հողերուն վրայ սկսած են ազատագրական պայքար տանիլ ճնշուած փոքրամասնութիւնները։
Ալվրցեան, իր կարգին գոհացում տուաւ աշակերտներու հարցումներուն։
Աշակերտները շնորհակալութիւն յայտնեցին երկու հիւրերուն, որոնք նոր տեղեկութիւնները փոխանցեցին իրենց Ջաւախքի եւ Արեմտեան Հայաստանի հայերուն մասին։


Categories: