Alumni Street Ball

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

         Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի բակին մէջ Կիրակի, Յուլիս 10-ի աոաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ ,Street Ballե-ի մրցաշարք մը, որ կազմակերպուած էր Քոլէճիս շրջանաւարտից միութեան կողմէ:
Խաղին մասնակցեցան վեց խումբեր իւրաքանչիւրը՝ երեք խաղացողներով: Մասնակիցներն էին՝ Քոլէճիս աշակերտները, շրջանաւարտներ եւ  վարժարանի բարեկամներ:
Տեղի ունեցան, Free Throwե-ի եւ ,3Pointsե-ի մրցաշարքեր , որոնց յաղթականները եղան նախկին աշակերտներ՝ Րաֆֆի Ներսէսեան եւ Հրակ Պէքարեան՝ ստանալով մարզական տարազներ:
Մրցումները աւարտեցան կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:
Աոաջին դիրքը գրաւեցին բարեկամ մասնակցողները, որոնք ստացան երեք հարիւր ամերիկեան տոլար, իսկ երկրորդը՝ Քոլէճիս շրջանաւարտները, որոնք ստացան հրաւիրատոմսեր շրջանաւարտիցին կողմէ կազմակերպուած խրախճանքին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յուլիս 23-ին, Քոլէճիս սրահէն ներս:
Յայտագիրը փակուեցաւ շրջանաւարտից միութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած խորովածի սեղանին շուրջ տեղի ունեցած մտերմիկ ընթրիքով:


Categories: