Airport

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ծաղիկ Դասարանը Կ՛այցելէ Օդակայան
Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլին, Ազգ. Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, ազգային վարժարաններու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանը։
Այցելող վարժարաններուն կարգին էր նաեւ Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը, որուն Ծաղիկ դասարանի փոքրիկները ծանօթացան օդակայանին զանազան բաժանումներուն եւ իրենց տարիքին յարմար գիտելիքներ ստացած՝ ուրախ ու խանդավառ տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց։


Categories: