Ֆուլկերոյթ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ֆուլկերոյթ- Տիկնանց
   Չորեքշաբթի, 21 Մարտին, գարնան եղանակի ծնունդին զուգահեռ՝ վարժարանի տիկնանց յանձնախումբը Ֆուլկերոյթ մը կազմակերպեց ծնողներու եւ բարեկամներու համար։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Տիկին Սոնա Ասատուրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ընդառաջած են հրաւէրին եւ ներկայ եղած։
Ապա խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ  Ղազարեան, որ ներկաներոն հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ վարժարանին մէջ տեղի ունենալիք նորոգութիւններու եւ արդիական դասարաններու սարքաւորման ծրագիրներուն մասին։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ։ Անոնք ներկայացուցին երգեր, պարեր, արտասանութիւններ…
Մինչ այդ ներկաները կը ճաշակէին համեղ ուտելիքները:


Categories: