Օդակայան Այցելութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

     Օդակայան
Մարտ ամսուան Կեդրոնական նիւթը փոխադրական միջոցները ըլլալով, Չորեքշաբթի 14 Մարտին, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները փոխադրակառքերով ուղղուեցան դէպի օդակայան։
Հոն՝ փոքրիկները տեսան ճամբորդներ իրենց ճամբորդական պայուսակներով։ Անոնք այցելեցին օդերեւոյթը ճշդող գրասենեակը, ուր պաշտօնեան բացատրեց, թէ այնտեղ գտնուող համակարգիչին միջոցաւ կրնան գիտնալ գալիք օրերուն արեւոտ, անձրեւոտ կամ ամպոտ ըլլալը։ Ապա անոնք մտան բժշկական կեդրոնը, ուր բժիշկը բացատրութիւն տուաւ իր աշխատանքին ու գործիքներուն մասին։ Յաջորդ հանգրուանը նամակատան այցելութիւնն էր, որմէ ետք փոքրիկները դուրս ելան ու տեսան կանգ առած օդանաւ մը։
Այս այցելութիւնը այլ ազգային վարժարաններու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն հետ միասին տեղի ունեցաւ։


Categories: