Փայտահատը

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ԾԱՂԻԿ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՒ ՓԱՅՏԱՀԱՏԸ
Ծաղիկ 1ի եւ Ծաղիկ 2ի աշակերտները ժամադրուած էին փայտահատին հետ, դիտելու համար անոր գործիքներն ու աշխատանքը։
Փոքրիկ աշակերտները դիտեցին փայտահատին գործիքները ինչպէս կացինը, սղոցը, ելեկտրական սղոցը եւ երկաթէ շղթան։ Ապա անոնք դիտեցին, թէ ինչպէս ան ծառի մը կոճղը կտրեց կացինով, պարզ սղոցով եւ ելեկտրական սղոցով։ Աշակերտները նաեւ անդրադարձան, թէ փայտահատը ինչպէս ծառին կոճղը աւելի դիւրութեամբ կրցաւ քաշել, երբ զայն շղթայով կապեց։ Անոնք նաեւ սորվեցան, թէ ծառին տարիքը կրնան գիտնալ կոճղին մէջ գտնուող շրջանակները համրելով։
Վերջապէս այդ աշակերտներէն խումբ մը անձամբ փորձեց շղթայով կապուած կոճղը քաշել։


Categories: