Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ցեղասպանութեան 98ամեակի Ոգեկոչում
Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, վարժարանի աշակերտութիւնը  Երեքշաբթի, 23 Ապրիլին, քայլարշաւով մը ուղղուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք՝ յարգանքի տուրքը տալու 1915ի 1.5 միլիոն նահատակներուն։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնին ընկերակցութեամբ դպրոցէն դուրս ելան խիտ եւ կարգապահ շարքերով, ուղղուելու համար Ապրիլեան Նահատակաց մատուռը։
Պահանջատիրութիւնը հաստատող կանչերով անոնք հասան Անթիլիաս, ուր արդէն հաւաքուած էին հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտները։ Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան աշակերտներուն փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ապա, վարժարանի աշակերտները մտան մատուռ, ուր տեղադրեցին իրենց ծաղիկները։

    Վարժարան  վերադառնալէ ետք, անոնք իջան սրահ, ուր աշակերտական խորհուրդի վարչութիւնը պատրաստած էր գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգ, նուագ եւ վիտէօ երիզի ցուցադրութիւն։ Ապա, օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի շրջանաւարտ Լեւոն Աւետանեան։

    Նախակրթարանի աշակերտները, իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարեցին Հինգշաբթի, 25 Ապրիլին: Անոնք գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը նշեցին 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը:


Categories: