Տիկնանցի Ճաշ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Տիկնանցի Ճաշ
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ճաշի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերին, White Tower պանդոկի Ararad Palace սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին, ծնողներ եւ վարժարանի բարեկամներ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Սոնա Ասատուրեան, որմէ ետք բարի գալուստի խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը ծնողք-վարժարան փոխադարձ կապին։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլէճի ուսուցիչներէն Գէորգ Քէշիշեան, որ սրինգով եւ շուիով հաճելի պահեր ստեղծեց։ Իսկ օրուան երգիչը՝ Արարատ Ահարոնեան իր երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց։ Ներկաները՝ խանդավառուած, կատարեցին նուիրատուութիւններ:


Categories: