Տեառնընդառաջի Աւանդական Խարոյկ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Տեառնընդառաջի Աւանդական Խարոյկը
Տեառնընդառաջը ազգային տօներէն մէկն է, որ ամէն տարի կը կայանայ 14 Փետրուարին։ Անոր նախատօնակին՝ 13 Փետրուարին, յատուկ արարողութիւններ տեղի կ’ունենան հայ առաքելական եկեղեցիներու մէջ եւ որոնց կը յաջորդէ աւանդական խարոյկը։
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճէն ներս ալ ամէն տարի կը նշուի ազգային-կրօնական այս տօնը եւ վարժարանի բակին մէջ կը վառի աւանդական խարոյկը։
Է.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն տօնին մասին խօսեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Տիկին Ժանին Մարգարեանը, որ փոխանցեց Տեառնընդառաջի կրօնական եւ ազգային իմաստն ու անոր ընկերացող սովորութիւնները։ Ապա, վարժարանի ամբողջ աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ բակը, ուր վառեցաւ խարոյկը


Categories: