Տարեկան Պտոյտ/Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանկապարտէզի Տարեկան Պտոյտը
Չորեքշաբթի,30 Մայիս 2012ը, Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն տարեկան պտոյտի օրն էր։
Փոքրիկները փոխադրակառքերով ուղղուեցան դէպի Պալլունէի հանրային պարտէզը։ Հոն՝ զով օդը վայելելով՝ խաղացին, կերան, խմեցին եւ պարտէզին զանազան մասերը պտըտելէ ու անոր գեղեցիկ ծառերն ու ծաղիկները դիտելէ ետք ուրախ զուարթ վերադարձան դպրոց։
Փոքրիկները այնքան զուարճացած եւ գոհ մնացած էին, որ անոնցմէ շատեր չուզեցին դպրոց վերադառնալ, իսկ՝ խնդրեցին կրկնել սոյն պտոյտը։


Categories: