Վերամուտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Վերամուտ
Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբերին առաւօտեան կանուխ ժամերուն արդէն իսկ ծնողներով եւ աշակերտներով կ’եռար Ազգ. Եղիշէ Սանուկեան Քոլէճի բակը։ Վերամուտ է եւ ամէն մարդ պատրաստ դիմաւորելու աշխատանքներով բեղուն տարի մը։
Զանգը հնչեց ու աշակերտներ շարուեցան։ Առաւօտեան աղօթքէն ու վարժարանի քայլերգը երգելէ ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեանը, որ առաջին հերթին աշակերտներուն կարդաց Լիբանանի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի խօսքը՝ վերամուտի առիթով պատրաստուած։ Ապա, ան խօսեցաւ դպրոցէն ներս կատարուած շինարարական եւ նորոգութեան աշխատանքներուն մասին՝ շեշտելով բարերարներուն կատարած մեծ օժանդակութիւնները։ Տնօրէնը խօսեցեւ նաեւ Սուրիայէն մեր վարժարանը դիմած մեծ թիւով աշակերտներուն մասին, որոնք մաս պիտի կազմեն Քոլէճի Սեծ ընտանիքին։ Ապա, բեմ հրաւիրուեցան բոլոր դասարաններուն մէջ ընդունուած նորեկ աշակերտնգրը եւ ստացան մէկական վարդ։
Վերջին  բաժինով բեմ բարձրացան Ծաղիկէն Ա. դասարան փոխանցուող մանուկները՝ արժանանալով երէցներուն ծափահարութեան։
Վերամուտի առիթով վարժարան այցելեց  Առաջնորդ Սրբազանը, որ իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն։ Ան իր շեշտը դրաւ հայ լեզուին եւ հայ վարժարանին կարեւորութեան եւ առաքելութեան վրայ։ Սրբազանը յաջող եւ արդիւնաւէտ տարի մը մաղթեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։
Տիկնանց յանձնախումբը, իր կարգին, հիւրասիրութիւն պատրաստած էր բոլոր աշակերտներուն, որոնք ուրախ մթնոլորտով ու խանդավառ պարերով սկսան 2012-2013 տարեշրջանը։


Categories: