Վերամուտ/ Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    ՎԵՐԱՄՈՒՏ
    Ազգ. Ս. Մանուկեան Մանկապարտէզի 2012-2013 տարեշրջանի առաջին օրը Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբեր, 2012-ն էր։
Առաւօտեան ժամը 7։30ին, ընկերակցութեան իրենց ծնողներուն, փոքրիկներուն մեծամասնութիւնը արդէն ժամանած էր մանկապարտէզ։ Անոնք ժպիտով մը եւ ուրախ տրամադրութեամբ մտան իրենց դասարանները եւ ծանօթացան իրենց ուսուցչուհիներուն եւ ընկեր-ընկերուհիներուն։ Ապա բոլոր փոքրիկները սրահին բեմին վրայ ունեցան իրենց հաւաքական աղօթքի եւ երգի հաճելի պահը։ Դաշնակի ընկերակցութեամբ, անոնք ծափեցին եւ երգեցին մանկական գեղեցիկ երգեր՝ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Այդ օր երգով ու խաղով անցընելէ ետք, փոքրիկները տուն վերադարձան իրենց հետ տանելով «Բարի Վերամուտ» մաղթանքը կրող ձեռայինը։


Categories: