Վերամուտի Ընդհանուր Ժողով

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ազգային Եղիշէ մանուկեան քոլէՃի վերամուտի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան հանդիսասրահին մէջ:

Միասնաբար ճաշելէ ետք, խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ բարի վերամուտ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ ներկայացուց անձնակազմին միացած նոր անդամները եւ ապա յառաջիկայ տարուան ժամանակացոյցը:

Տնօրէնը իր ուրախութիւնը յայտնեց քոլէճի ուսուցչական կազմին արձանագրած անհատական յաջողութիւններուն համար, նշելով՝ թէ Տիկ. Թալին Մարտիրոսեան նշանակուած է Ազգային միացեալ Վարժարանի տնօրէն, իսկ Պրն. Յակոբ Հանտեան՝ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու տնօրէն:

Ապա, առիթ տուաւ ամրան ընթացքին վերապատրաստման դասընթացքներու, վարժանիստերու եւ ճամբարներու մասնակցած ուսուցիչներուն, իրենց պաշտօնակիցներուն փոխանցելու իրենց իրենց այդ  փորձառութիւնները:

Տիկ. Թալին Մարտիրոսեան Հայաստանի մէջ մասնակցեցաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող հայկական վարժարաններու տնօրէններու խորհրդաժողովին:

Տիկ. Վարդուկ Քէշիշեան, Տիկ. Թամար Խաչերեան եւ Օրդ. Բալիկ Խտրլարեան Հայաստանի մէջ  մասնակցեցան ՀՀ Կրթական նախարարութեան կազմակերպած «Ուսուցիչներու  Վերապատրաստման Ծրագրի միամսեայ դասընթացքներ»ուն եւ ստացան համապատասխան վկայագիր:

Օրդ. Թալին Օրտողլեան եւ Պրն. Շանթ Տէմիրճեան մասնակցեցան  Փորթուկալի մէջ կայացած ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի կազմակերպած՝ «Արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման միջոցներ»ու նուիրուած աշխատանոցին:

Օրդ. Սեւան Դանիէլեան եւ քոլէճէն երեք աշակերտներ մասնակցեցան Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի երկրորդ ճամբարին Փորթուկալի մէջ:

Տնօրէնը նաեւ գոհունակութեամբ նշեց այն ուսուցիչներուն անունները, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն համալսարաններէ ներս:

Ապա, ան մեծ պաստառի վրայ ներկայացուց քոլէճի աշակերտներուն պետական քննութիւններուն ձեռք բերած արդիւնքները բոլոր դասանիւթերուն մէջ եւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է ձեռք բերել այս արդիւնքները:

Ժողովի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու:


Categories: