Վարդանանց

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Վարդանանք
Վարդանանց Տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ վարժարանի սրահը՝ նշելու համար առիթը։
Առաջին հերթին աշակերտութեան ներկայացուեցաւ կարճ տեսաերիզ մը, որ կը  փոխանցէր Վարդան Մամիկոնեանի պատգամը իր զինուորներուն։
Ապա, խօսք մը արտասանեց Ժ. դասարանէն Նաթալի Մարկոսեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանքի կարեւորութեան եւ արժէքին։
Է. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Վարդանանցի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը։
Վերջին բաժինով  օրուան պատգամը փոխանցեց Տ. Սարգիս քհն. Սարգիսեան, որ խօսեցաւ Վարդանի եւ անոր հետեւորդներուն զոհողութեան եւ իմացեալ մահուան կարեւորութեան մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ղեւոնդեան տօնին, որ կը նշուի Վարդանանքէն երկու օր առաջ։ Տէր Սարգիս շեշտեց մեր ազգային եւ կրօնական կեանքին մէջ կարեւորութիւնը Վարդանանցի նման տօներուն։


Categories: