Պարախումբի Փայլուն Ելոյթ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Պարախումբի Փայլուն Ելոյթ
   Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի  պարախումբերը անգամ մը եւս կը զմայլեցնեն հանդիսատեսները եւ ինչպէս միշտ՝ կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի:

   Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր, 2011-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի պարախումբերը, յատուկ հրաւէրով մը, իրենց մասնակցութիւնը բերին      Պէյրութի Արաբական Համալսարանի  բացման հանդիսութեան։
Քոլէճիս պարախումբերը, որոնք նախանցեալ տարիներուն ախոյեան հանդիսացած էին մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Լեռնալիբանանի եւ ապա Լիբանանի Տապքէի մրցոյթներուն, չորս տարբեր ներկայացումներով՝ արաբական, հայկական եւ modern dance-  հանդէս եկան եւ շլացուցին ներկաները, որոնք զմայլանքով ըմբոշխնեցին հրամցուած պարերը եւ ջերմ ծափահարութեամբ գնահատեցին այդ փոքրիկ արուեստագէտները։
Մեր հայ աշակերտները կրկին փաստեցին, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն մը չէ, այլ անոր կողքին լաւագոյնս կը փոխանցէ՝ եւ ի՛ր մշակոյթը, ե՛ւ օտարինը։ Ապացոյցը՝ մեր փոքրիկներուն յարատեւ յաջողութիւններն են։

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի հրամցուցած պարերը՝ համալսարանիս տնօրէնութեան վկայութեամբ, շատ հարստացուցին օրուան յայտագիրը, առանց որոնց շատ բան պիտի  պակսէր մթնոլորտէն։


Categories: