Պարախումբերը Ախոյեան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

   Դարձեալ Ախոյեան
Շաբաթավերջին, Լեռնալիբանանի միջդպրոցական Տապքէի եւ արաբական արտայայտչական պարերու մրցանքին Ազգ. Ե. Սանուկեան Քոլէճի երեք պարախումբերն ալ ունեցան չափազանց փայլուն արդիւնքներ։ Երեւոյթ մը, որ սովորական դարձած է վարժարանի անցնող քանի մը տարուան կեանքին մէջ։
Արդարեւ մեծ աղջիկներու  եւ երկսեռ փոքրերու խումբերը հանդիսացան առաջին, մինչ փոքր աղջիկներու խումբը հանդիսացաւ երկրորդ։ Երեք խումբերն ալ այս ձեւով կ’անցնին աւարտական փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 10ին։


Categories: