Նարեկ Եպսկ.Ալիեմէզեան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Նարեկ Եպսկ. Ալիեմէզեանի Այցելութիւնը
     ԺԱ. դասարանի հայ գրականութեան դասանիւթի ծրագրին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» գործը։ Աշակերտները՝ հետեւելով իրենց դասատուին՝ Տիկին Անի Բագրատունիի, ցուցմունքներուն կը կարդան այդ գործը եւ միասնաբար կÿարծարծեն ու կը վերլուծեն հոն նշուած իրադարձութիւնները։
Նկատի ունենալով, որ Շանթի այս գործին մէջ կÿարծարծուին կրօնական կարգ մը հարցադրումներ, աշակերտները փափաքեցան, որ կրօնական մը լուսաբանութիւններ տայ իրենց։ Առ այդ, վարժարան հրաւիրուեցաւ Նարեկ Եպսկ. Ալիեմէզեան եւ աշակերտներուն հետ ունեցաւ հետաքրքրական եւ շինիչ հանդիպում- զրոյց մը։ Աշակերտները հարցուցին իրենց հարցումները եւ արտայայտեցին կարգ մը մտահոգութիւններ։ Նարեկ սրբազանը՝ իր պատասխաններով, գոհացում տուաւ անոնց ներկայացուցած հարցադրումներուն։


Categories: