Յարութիւն Քիւրքճեանի Այցելութիւնը

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Յարութիւն Քիւրքճեանի Այցելութիւնը
«Հայրենի Աղբիւր» եւ այլ դասագիրքերու եւ գիրքերու հեղինակ եւ հրատարակիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին այցելեց վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Զ.-Թ. դասարաններու աշակերտութեան հետ։
Պրն. Քիւրքճեան ընդառաջած էր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասատուներու հրաւէրին՝ հանդիպում մը ունենալու աշակերտութեան հետ։
Քիւրքճեան առաջին հերթին խօսեցաւ հայերէնի դասագիրք պատրաստելու եւ հրատարակելու իր ունեցած փորձառութենէն։ Ապա, առաիթ տուաւ աշակերտներուն ազատօրէն արտայայտուելու եւ հարցումներ ուղղելու։ Աշակերտները, որորնք լուռ զինք մտիկ ըրած էին ուղղեցին տեղին ու յարմար հարցումներ։
Աշակերտներուն համար իւրայատուկ էր հանդիպիլ իրենց օգտագործած դասագիրքերու հեղինակին։


Categories: