Միջնակարգ/Կրկէս

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Դէպի Կրկէս
Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, միջնակարգի երեք դասարաններու աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Պուրճ Համուտ՝ ներկայ ըլլալու համար կրկէսի ներկայացման մը։
Հսկայ վրանի մը տակ խմբուած էին տարբեր վարժարաններէ աշակերտներ. բոլորն ալ անհամբեր յայտագրի սկսելուն։
Է.-Թ. դասարաններու աշակերտները խանդավառութեամբ հետեւեցան լարախաղացներուն, ձիերուն, վագրերուն, շուներուն եւ հտպիտին ներկայցումներուն։
Գրեթէ երկու ժամ տեւած յայտագրի աւարտին, աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան վարժարան։


Categories: