Մեր պարախումբերուն պատուաբեր արդիւնքները

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ, 2017-ին, «Եունէսքօ»ի բեմայարդակին վրայ, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի երկու պարախումբերը մասնակցեցան Լիբանանի Կրթական Նախարարութեան կազմակերպած միջ-դպրոցական պարի մրցանքին:
Արդարեւ, ամիսներու վրայ երկարող փորձերէ ետք, քոլէճի երրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու պարախումբերը , քոլէճի պարի դասատու՝ Տիկ. Անի Կոստանեանի բծախնդիր ու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, անգամ մը եւս բեմ բարձրացան, հայ թէ օտար հանրութեան ներկայանալով գնչուական եւ Արաբական պարերով:
Ճաշակաւոր եւ իւրաքանչիւր պարին պատշաճ տարազներով, փոքրիկները՝ ներդաշնակ, համաչափ ու ճկուն շարժումներով եւ ժպտուն ու ուրախ դէմքերով հմայեցին ներկայ հանդիսատեսները, արժանանալով անոնց ջերմ ծափահարութիւններուն ու դատական կազմի բարձր նիշերուն:
Ուշագրաւ էր, որ հակառակ իրենց փոքր տարիքին, աշակերտները ինքնավստահ շարժումներով կը կատարէին նոյնիսկ բարդ պարային շարժուձեւերը:
Մրցանքի աւարտին, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Երրորդ դասարանի պարախումբը՝ գնչուական պարով, հանդիսացաւ փոքր աղջկանց պարախումբերու ախոյեան, իսկ հինգերորդ դասարանի պարախումբը՝ Արաբական պարով, հանդիսացաւ «Երկսեռ-Փոքր» պարախումբերու Գ. մրցանակակիր:
Վարձքը կատար պարուսոյցին ու բոլոր անոնց որոնք սատարեցին այս աշխատանքին:


Categories: