Մանկապարտէզի Վերամուտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանկապարտէզի Վերամուտ
Ազգ. Ս. Մանուկեան Մանկապարտէզի վերամուտը տեղի ունեցաւ 26 Սեպտեմբեր, 2013ին։
Այդ օր, փոքրիկները՝ իրենց մամաներուն ընկերակցութեամբ՝ ուղղուեցան իրենց դասարանները ու ծանօթացան ուսուցչուհիներուն։ Ապա անոնք գացին սրահ, ուր իրենց կը սպասէր անակնկալ մը՝ Hi Kids խումբին խամաճիկն ու արջուկը, որոնք երգերով, պարերով եւ խաղերով զուարճացուցին բոլորը։ Փոքրիկները տուն վերադարձան գեղեցկօրէն ներկուած դէմքերով։
Վերամուտի առիթով մանկապարտէզի փոքրիկները ստացան Սբ. հաղորդութիւն եւ առիթը ունեցան խաղալու Զալքայի հանրային պարտէզին մէջ։


Categories: