Մանկապարտէզի Մայրերու Օր

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մայրերու Օր
     Այս տարի «Սիրան Մանուկեան» մանկապարտէզի փոքրիկները իւրայատուկ կերպով տօնեցին մայրերու Տօնը։
Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները իրենց մամաները դպրոց հրաւիրեցին Երկուշաբթի, 23 Մայիսին, իսկ մանկամսուրի եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները՝ Երեքշաբթի, 24 Մայիսին։
Մամաները մտան իրենց զաւակներուն դասարանները եւ հոն ներկայ եղան անոնց դասապահերուն եւ դասարանային աշխատանքներուն։
Առաջին հերթին, մամաները ներկայ եղան հայերէնի բանաւոր արտայայտութեան դասապահին. ապա՝ գծագրութեա եւ գրաւոր աշխատանքներուն։ Մամաները առիթը ունեցան այցելելու անգլերէնի եւ արաբերէնի դասարանները, ինչպէս նաեւ՝ նուագի ու ռիթմիքի հաւաքավայրերը։ Անոնք ուրախացան տեսնելով իրենց զաւակներուն մասնակցութիւնը այդ աշխատանքներուն։
Մամաները նաեւ մասնակցեցան իրենց զաւակներուն զբօսանքին եւ խաղերուն։
Գոհ ու ժպտուն դէմքերով մամաները հեռացան մանկապարտէզէն…


Categories: