Մանկապարտէզի Կաղանդը

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Կաղանդի Տօնակատարութիւնը Մանկապարտէզէն Ներս
Մանկապարտէզէն ներս Կաղանդի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ
Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր, 2013ի կէսօրուան ժամը 1ին, Ազգ. Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ։
Այդ օր, առաւօտուն փոքրիկները Սբ. Հաղորդութիւն ստանալէ ետք, անհամբեր սպասեցին Կաղանդ Պապուկին ժամանումը։ Անոնք իրենց մամաներուն հրամցուցին Յիսուսի ծննդեան եւ Կաղանդի յատուկ երգեր։ Ապա Hi Kids խումբին Կաղանդ Մաման եւ  Minnie Mouse-ը իրենց խաղերով, երգ ու պարով յայտագիրին աւելցուցին ճոխ մթնոլորտ մը։ Կաղանդ Պապան հասաւ  ու անակնկալի մը առջեւ գտնուեցա՝  «Բարի Տարեդարձ» երգը եւ Կաղանդ Պապայի նկարով մեծ կարկանդակ մը։ Իր տարեդարձն էր։
Երգով ու պարով տարեդարձ տօնելէ ետք, Կաղանդ Պապան դասարանները շրջեցաւ ու նուէրները բաժնեց փոքրիկներուն, որոնք իրենց մամաներուն հետ ուրախ-զուարթ դպրոցէն մեկնեցան։


Categories: