Մանկապարտէզի/Մայրերու Օր

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մայրերու Տօնը Մանկապարտէզէն Ներս
   Չորեքշաբթի, 23 Մայիս,  2012ի առաւօտեան ժամը 8ին, Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի փոքրիկներուն Մայրերու տօնը նշելու օրն էր։ Իսկ Մանկամսուրինը՝ Հինգշաբթի, 24 Մայիսին։
Փոքրիկները վարժարանին սրահին մէջ հաւաքուած՝ իրենց մայրերուն հրամցուցին փունջ մը երգեր, որմէ ետք արտասանեցին մայրերու տօնին յատուկ արտասանութիւններ։ Ապա, անոնք միասնաբար ուղղուեցան դէպի դասարանները, ուր փոքրիկները իրենց մամաներուն նուիրեցին իրենց պատրաստած ձեռայինները ու քիչ մը խաղավայրին մէջ խաղալէ ետք, վերադարձան դասարանները՝ իրենց դպրոցական օրը շարունակելու համար։
Մանկամսուրի փոքրիկները սակայն, այս բոլորին կողքին, առիթը ունեցան իրենց մայրերուն հետ դիտելու powerpoint-ով պատրաստուած մանկամսուրի իրենց առօրեայէն առնուած նկարներ։
Տօնը շնորհաւոր ըլլայ հայ մայրերուն, յատկապէս Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի մեծ ընտանիքի բոլոր մայրերուն։ 

 


Categories: