Մայիս 28

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

28 Մայիսի Տօնակատարութիւն
Հայաստանի անկախութեան 95ամեակին առիթով՝ վարժարանի աշակերտութիւնը երկու տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Երկուշաբթի 7րդ պահուն հաւաքուեցան սրահ, ուր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։
Բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Պալապանեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան կարեւորութեան մեր պատմութեան մէջ։ Ապա ան ներկայացուց յայտագիրը, որ սկսաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, զոր մեկնաբանեց Մհեր Տէր Դաւիթեան։ Ապա երկրորդականէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին խմբային ասմունք՝ Ա. Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» պոէմէն։ Երաժշտական փունջ մը հրամցուցին Տարօն Ասատուրեան (սրինգ), Նաթալի Մարկոսեան (դաշնակ), Նարին Ադամեան (տհոլ)։ Գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ։
Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Պրն. Յակոբ Հաւաթեան, որ փոխանցեց իր պատգամը՝ շեշտը դնելով անկախութիւնը կերտող սերունդին պատմական դերակատարութեան վրայ։ Ան ըսաւ նաեւ, որ այս աշակերտները այդ սերունդին ժառանգորդներն են եւ հպարտ պէտք է զգան այդ իրողութեամբ։

   Վերջին պահուն, սրահի աշակերտներուն միացան նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի իրենց փոքր դասընկերները՝ միասնաբար լսելու ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեանը, որ գրեթէ մէկ ժամ երգեց, երգեցուց ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց։


Categories: